Լոզանի մարոնի եկեղեցին` երեկոյեան ժամասացութիւն կատարեց թեմի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։
կիրակի 5 փետրուար, մարոնիներու հասարակութիւնը երեկոյեան ժամասացութիւն կատարեց Զուիցերիոյ
Լոզան քաղաքի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ համայնքապետ` հայր Մարուն թարապէյի։
Հրաւէրին մէջ կը կարդանք ''Եկէք երգենք արամերէն լեզւով` Յիսուսի լեզու''։ Նշենք որ
մարոնի եկեղեցին Անտիոքի ասորի եկեղեցւոյ մէկ ճիւղն է։ Անոր հիմնադիրն է ճգնաւոր մար
Մաունը, ապրած 4-րդ դարուն Լիբանանի մէջ։ Մարոնիները դաւանանքով կաթողիկէ են, Արեւելեան
եկեղեցիներու նման, ունի իր իւրայատուկ ծիսակատարութիւնը ներշնչուած Ասորի եկեղեցիէն։